Մեր Չունեցածը Իրարմով Գտնենք

«Ես ալ գիտեմ, որ խաւարը միշտ լոյսի կողքին է.
ուստի ես կը փորձեմ ժպտիլ, նոյնիսկ եթէ
յաճախակի տխուր եմ։»

Մեր Չունեցածը Իրարմով Գտնենք

1905ին 17 տարեկանին թոքախտի պատճառաւ մահացող հայ բանաստեղծուհի Հերանուշ Արշակեանի «Մեր չունեցածը իրարմով գտնենք» բնագիրը կազմուեցաւ հիւանդութեան ժամանակ իր կողմէ արեւմտահայերէնով (որ վերջին տարիներուն կը գտնուի UNESCՕ-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ) արտադրուած տողերուն եւ «իր չունեցածը հետը փնտռած» Հռանտի մխիթարանք գտնելու համար նուիրած ստեղծագործութիւնները ժողվելով:

Հերանուշի վաղահաս մահէն 5 տարի վերջ իր թղթակիցը եւ բարեկամը Հրանտ Նազարեանցի կողմէ հրատարակուելով «մոռացութեան գրկէն» փրկուած տաղերը, բանաստեղծի կեանքը հիմ առնելով բեմադրող «յանկարծ»ը 2018ին Սերպիայի Նովի Սատ քաղաքին մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային Սինէրժի Թատերական Փառատօնին կատարեց թատրերգութեան համաշխարհային փրէմիէրը:

Այս կիսաւարտ պատմութիւնը հանդիսատեսներու ներկայացնող խումբի անդամներէն, միեւնոյն ժամանակ հայկական այլընտրանքային երաժշտախումբ «Ոմանք»ի մենակատարը Լարա Նարինը այս բացայայտումը կ’ամփոփէ հետեւեալ կերպով․

«2017ին «Ոմանք»ի թողարկած «Բանալիք» սկաւառակին համար կատարուած նախնական հետազօտութիւնները մեզ առաջնորդեց դէպի հայ բանաստեղծներու աշխարհ: Հայ բանասէր եւ «Արաս» հրատարակչութեան խմբագիր Սեւան Տեղիրմէնճեանի ճշգրիտ մտատետսութեան օգնութեամբ խորացած այս որոնումները մեզ հնարաւորութիւն տուին հանդիպելու Հերանուշ Արշակեանի հեղինակաւոր պարզ բառերու եւ խոցելի բնութեանը հետ։

«Այսպէսով, մենք ոչ միայն յօրինեցինք բանաստեղծուհիին «Հին Երազներ» տաղը եւ ներառինք սկաւառակի մէջ, այլեւ այն ոգեշնչեց զիս «յանկարծ»ի առաջին նախագծի համար։»

Դերասան Եղիա Աքկիւնը, որ նաեւ ստանձնած է թատրերգութեան ռեժիսորի պաշտօնը, մեկնարկային կետերը կը նկարագրէ հետեւեալ կերպով․

«Մեր նպատակն էր նոր շունչ հաղորդել Պոլիսի հայկական թատրոնին մեր տարիներու բարեկամութեան եւ թատերական ենթակառուցուածքով։ Այս ծրագիրը իրականացուցինք Լարայի մախաղին մէջ ճիշտ ժամանակը սպասող այս տողերու շնորհիւ եւ փառատօնի փորձառութիւնն ալ ընդգրկող երկարատեւ ճանապարհորդութեան մը վերածեցինք:

Կը տեսնենք որ Հերանուշը տաղեր կուտակեց իր սեւ ծոցին վրայ, առանց գիտնալու իր սրտի խօսքը պիտի լսուի թէ ոչ… Իր սպառելու մօտ ժամանակը անէծք մըն էր, թէ՞ օրհնութիւն… Ուրախ ենք այս հարցին պատասխանը Արշակեանին ծնած եւ ապրած քաղաքին կարեւոր բեմերուն վրայ, Պոլսոյ հանդիսատեսներու հետ փնտռելու առիթը ունենալնիս համար։»

Հերանուշ Արշակեան

Ծնաւ Պէշիքթաշ թաղամասը՝ 28 Յուլիս 1887ին: Կորսնցուց հայ մտաւոր կեանքի կարեւոր դեմքերէն եղող հայրը՝ Յակոբ Արշակը, երբ 3 տարեկան էր։ Գրականության և բանաստեղծութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը վաղ տարիքին նշմարուեցաւ: Դիտարկելու եւ նկարագրելու կարողութիւնը յայտնուեցաւ տողերուն մէջ որպէս արտացոլում իր զգայուն կազմուածքին:

15 տարեկանին քաշուեցաւ Ետիքուլէյի իր ագարակատան թոքախտի պատճառաւ եւ այս դժնդակ միջոցին գրեց իր բանաստեղծութիւնները, որոնք երբեք չեն կորսնցուցած իրենց ազդեցութիւնը նույնիսկ այսօր: Մահէն յետոյ թաղուեցաւ Շիշլիի հայու գերեզմանատան։

Անձնակազմ

Արտադրութիւնյանկարծ
Ոտանաւորներ և ՆամակներՀերանուշ Արշակեան
Թատերացնում և ԹատրերգութիւնԼարա Նարին
ԲեմավարԵղիա Ագկիւն
Լուսավառութիւն հնարիչԹարա Տէմիրճիօղլու
Տարազի հնարիչիւլքիւ Շահին
Որմազդի նկարիչՍարգիս Կիւրէհ
Որմազդի ձեւաւորումԱրէդ Ավճու
ԴերասաններԿարինէ Մարալ Չիզմէճեան, Ջաքլին Չադալ, Լարա Նարին, Թարա Տէմիրճիօղլու, Եղիա Ագկիւն
Տեխնիկական խումբԱնդրանիկ Քրիսթափոր Պաքըրճըօղլու, Դիանա Չիլինգարյան, Մանէ Գոփար, , Սեւատա Խաչիկ Տէմիրճի
Թատերաբեմ նկարիչներըՄկրտիչ Արզիվեան, Իշհան Էրտինչ, Սրտջան Բապլո Տորոսգի