Պաղտասար Աղբար

Բոլորս գիտենք անխուսափելի վախճանը կեանքի։ Հապա՞ անոր սկիզբը։ Աթոմական անսահման ովկիանին ալիքները ի՞նչ կը բերեն, երբ հասնին ցամաք։ Անթիւ հաւանականութիւններու եւ անօրինակ դիպուածներու հետեւանք՝ կեանքը, որպէս նուէր։ Ի՞նչ կը սպասէ նորածինին։ Ինչի՞ կը վերածուինք ժամանակի ընթացքին, երբ կը քալենք կեանքի ուղիէն։ Լա՞ւ։ Վա՞տ։ Համբերատա՞ր։ Առաքինի՞։ Դժբա՞խտ։  Արդա՞ր։ Կրքո՞տ։ Խե՞նդ:

Մեզմէ ոմանք կը ստիպուին վկան դառնալ ուրիշներու վշտին։ Ոմանք հետաքրքիր են տիեզերքի խորհուրդներուն։ Ոմանք դիտորդ են ի ծնէ։ Ոմանց սխալները կը գերազանցեն իրենց թերիները։ Ոմանք կոյր են եւ խուլ․․․ Ոմանց զգայարանները աւելի զգայուն են, որու շնորհիւ աւելի լաւ կ’ընկալեն կեանքի գեղեցկութիւնները։ Մենք՞ դերասաններ եւ դերասանուհիներ  տեսնելով թատրոնի  ազդեցութիւնը մարդոց վրայ, ըմբռնած էինք ասոր։ Փոքր տարիքէն վկայեցինք, թէ կեանքը քաոս է, դժուարութիւններով, ուրախութիւններով,յուսախաբութիւններո,  գեղեցկութիւններով  լեցուն, ու ջանացինք պահ մը իսկ ըլլայ խաղաղութիւն, գեղեցկութիւն  եւ յոյս տալ բոլոր մարդկութեան։ Ամէն բանի եւ ամէնուն մէջ տեսանք  արտակարգ աշխարհ մը, որ տարբեր է սովորականէն եւ գիտցուածէն։ Ուրեմն աւելի չի պիտի երկարցնեմ։

Սիրելի ունկնդիրներ, ես ձեր խոնարհ ծառան՝ Յակոբ Պարոնեան: Խնդրեմ՝ հարիւր տարի առաջ ձեզի իրեն լեզուով, արեւմտահայերէնով ձայն տուող եւ ատենօք հասկցուող այս թատրոնի սիրահարին խօսքերը լուրջի չ’առնէք:

Մօլիէր վարպետէն ներշնչուելով իմ կողմէս գրի առնուած «Պաղտասար աղբար»ը քիչ վերջ ձեզ պիտի ներկայացնէ «յանկարծ» անկախ թատրոնի անդամները թատերականացուած ընթերցումով: Կը փափաքէինք ձեզի ներկայացնել խաղը իր բուն լեզուով, բայց առօրեայ պայմանները մեզի չ’արտօներ: Ափսո՜ս… Թերեւս ապագային… Բարի ժամանց կը մաղթեմ։

*ibbataturkkitapligi ի կողմէ կազմակերպուած Մօլիէրի զրոյցներու հինգերորդ ձեռնարկին առթիւ Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ը ընթերցումի թատրոնի ձեւով բեմադրեցինք Մէհմէտ Ֆաթիհ Ուսլույի «Պոլսեցի Մօլիէրը: Յակոբ Պարոնեան» խորագրեալ զրոյցէն յետոյ:

Մեծ շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս արժէքաւոր նախագծին մաս կազմելու համար մեր խումբը յանձնարարող Ռէհա Քէսքինի, մեր կարիքները հայթայթելու համար մեծ ջանքով աշխատող Էօզտէ Նալան Քէօսէօղլույի:

Անձնակազմ

Արտադրութիւնյանկարծ
ՔրողՀակոբ Պարոնյան
ԲեմադրիչԵղիա Ագկիւն
ՊարոնյանԵղիա Ագկիւն
Պաղտասար ԱղբարՍեւատա Խաչիկ Տէմիրճի
ԱնոյշԿարինէ Մարալ Չիզմէճեան
ՔիպարԱնդրանիկ Քրիսթափոր Պաքըրճըօղլու
ՕքսէնԼարա Նարին
ԲայլակԱրթուն Կէպէնլիօղլու
ԵրկաթԴիանա Չիլինգարյան
ՍուրՊարէտ Չիլ
ՍօղօմեԹարա Տէմիրճիօղլու
Հատուածներու խորհրդատուԵղիա Ագկիւն & Պարէտ Չիլ
Ծրագիր օգնականներԴիանա Չիլինգարյան & Պարէտ Չիլ
հաղորդակցութեան տնօրէններԼարա Նարին & Արթուն Կէպէնլիօղլու
Փորձի վայրՖՍՄ
ՇնորհակալութիւնԻՊՊ Աթաթուրք Գրադարան։