Սիրտս Լեռնագաւառն Է

Ո՞ւր կը պատկանինք: Մեր արմատները ո՞ւր են։ Ինչը՞ կը յիշենք։
Ինչո՞ւ կը յիշենք: Ինչը՞ կը կարօտնանք:

Էժեն Իոնեսկոյի «Հերատ երգչուհին» եւ Սամուէլ Պէքէթի «Կոտօն սպասելու ատեն»էն առաջ գրուած ապսիւրտ թատրոնի նախնական ստեղծագործութիւններէն մէկը համարուող «Սիրտս լեռնագաւառն է» թատերախաղը, հիմնուած է 1914 թուականի Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիոյ մէջ իր ճանմբան կորսնսցուցած, աշխարհի հետ կապը խզուած նախկին Շէյքսբիրեան դերասան Մէք Կրէկըրին, ծեր մայրիկ մը, իր որդին եւ թոռնիկէն բաղկացած ընտանիքի մը հետ հանդիպման վրայ:

Թատրերգութիւնը, Ուիլիըմ Սարոյեանին խաղին նախաբանին մեջ գտնուած «Աշխարհի բանաստեղծներուն: Կեանքերը բանաստեղծութիւն հանդիսացող այն պարզ ու բարձր մարդոց: Տարիքն անցած մանուկներու, մանկութիւնը ապրող մանուկներու: Լեռնաբնակ սրտին:» արտայայտությունէն ներշնչուելով ձեւաւորուեցաւ եւ ամբողջ պատմութիւնը ընտանիքի պզտիկը Ճոնիին հայեացքէն հաղորդուեցաւ:

Դիտողը արմատներու, հողի, յիշողութեան, պատկանելութեան, կարօտի մասին խորհելու հրաւիրող թատերախաղը, զիրար գորովագթութեամբ ընդունող կերպարներով եւ շատ նուրբ լեզուով մը մեզի կը յիշէցնէ մեր համատեղ շարունակուող գոյատեւման պայքարը՝ յիշողութիւնը ամբողջովին ջնջուելու ջանացուող մեծ մշակութային քաղաքի մը մէջ։

Ծանօթագրութիւն

Հեղինակ՝Ուիլիըմ Սարոյեան
Բեմադրիչ՝Թարա Տէմիրճիօղլու եւ Եղիա Ագկիւն
Թարգմանիչ՝Ռոպէր Հատտէճեան
Գրական խորհրդատու՝Ալթուղ Եըլմազ
Հայերէն գրական եւ արտասանութեան խորհրդատու՝Արթուն Կէպէնլիօղլու
Թատրերգակ՝ Չաղտաշ Էքին Շիշման
Բեմայարդարում՝Իզապէլ Կիւլթօփ
Զգեստաւորում՝Պուրաք Քաջի
Երաժշտութիւն եւ ձայնի ձեւաւորում՝Սիպիլ Արսէնեան
Շպարի ձեւաւորում՝Իւլքիւ Շահին
Լոյսի ձեւաւորում՝Ալի Փօյրազ եւ Ճիհան Ալփասլան
Ձայնի եւ պատկերի ղեկավար՝Թարա Տէմիրճիօղլու
Գծագրող՝Անէթ Սանտրա Աչըքկէօզ
Շարժումի ձեւաւորում՝Էճէ Նուր Աթէշ
Աֆիշի ձեւաւորում՝Պուրաք Քաջի
Բեմադրիչի օգնական՝Պարէտ Չիլ
Բեմային ղեկավար՝Ժպիտ Թոփարլաք
Արտադրութիւն՝յանկարծ
Կլոպալ հաղորդակցութեան եւ զարգացման գործակից՝Արթուն Է․ Ազատ

Դերակատարներ

ՃոնիԴիանա Չիլինգարյան
Պէն ԱլէքսանտրԵղիա Ագկիւն
Ճոնիի մեծ մայրըԼարա Նարին
Ճէսբըր Մէք ԿրէկըրՆշան Շիրինեան
Պրն . Գօսաք Տիգրան Փեշթեմալճըկիլ / Սեւատա Խաչիկ Տէմիրճի
Ճէնի ԷբլիԴուին Զէյթունցեան
Ապպի & ՀացագործուհիԿարինէ Մարալ Չիզմէճեան
Պրն. ՈւայլիԱրթուն Կէպէնլիօղլու
Ֆիլիբ ԳարմայքըլՊարէտ Չիլ
ՀէնրիԱնդրանիկ Քրիսթափոր Պաքըրճըօղլու
ԷսթէրՄիրանտա Շահինօղլու
Ճ. Ա.Արեգ Գազանճեան / Դուին Զէյթունցեան

Խաղէն Լուսանկարներ

Փորձէն Լուսանկարներ