52 հերթզ

Չորս կիներ, որոնք իրենց մանկութիւնը, կորուստներն ու սէրերը առաջին անգամ ապրած են Պոլսոյ մօտակայ կղզիի մը մէջ, երբ կ՚իմանան թէ քանի մը ժամ ետք կղզին պիտի անհետանայ, կ’որոշեն խաղով մը հրաժեշտ տալ անոր։ Այս վերջին խաղը զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի իրենց յիշողութեան անժամանակ վայրերը։

Մինչ կղզին դէպի կործանում կ’ընթանայ, անոնք կը սկսին հարցաքննել կեանքի դժուարութիւններուն դէմ պայքարելու իրենց ձեւերը, իրենց փոխյարաբերութիւնները, պատկանելիութեան զգացումը եւ տեսանելի ըլլալու ու անտեսանելի մնալու միջեւ գոյացած հակասութիւնը։ Արդեօք այս հարցաքննումը բաւարար պիտի ըլլա՞յ կասեցնելու կղզիին անհետացումը։

Այս ներկայացումը իր անունը կ՚առնէ այն կէտ ձուկէն, որ անուանուած է «աշխարհի ամէնէն միայնակ կէտը», քանի որ կայ այն հաստատ համոզումը թէ 52 հերթզ յաճախականութեամբ ձայն մը արձակելուն պատճառաւ ան իր ցեղակիցներուն կողմէ անլսելի կը դառնայ: Այսպէս՝ խաղը կը հետապնդէ հետքերը պատմութեան մը, ուր միշտ չէ որ կարելի ըլլայ լսելի ըլլալ։

«52 հերթզ»ը ներշնչուած է «Յանկարծ» թատերախումբի դերասան կիներու ինքնակենսագրական պատմութիւններէն: Ինչպէս ծանօթ է, «Յանկարծ» թատերախումբը կը ջանայ բեմի վրայ կենդանի պահել Պոլսահայ կեանքի մշակութային ու գեղարուեստական աւանդոյթը: Ներկայացումը պատրաստուած է հաւաքական գործընթացով մը՝ ստեղծագործական հաւաքական թատրոնի (devised) մեթոտով եւ բեմ կը բարձրացնէ հասարակաց լեզու մը, որ հիմնուած է յիշողութեան, անտեսանելիութեան եւ համերաշխութեան վրայ։

Ծանօթագրութիւն`
Բնագիր` Հաւաքական արտադրութիւն
Բեմադրիչ` Զիննուրէ Թիւրէ
Բեմադրիչի օգնական՝ Էօյքիւ Կէօքտուման
Թատրերգակ` Միրան Պուլութ
Ձայնային Ձեւաւորում` ՆօտՏուօ
Լուսային Ձեւաւորում` Ութքու Քարա
Տարազի եւ Պիտակներու Ձեւաւորում` Հիլալ Փոլաթ
Բեմայարդարում` Իզապէլ Կիւլթօփ Կէպէնլիօղլու
Տեսողական Ձեւաւորում Անէթ Սանտրա Աչըքկէօզ
Լուսանկարներ` Այթէն Չէլիք
Տեսանիւթ` Մուրաթ Չէթինքայա

Դերասաններ` Դիանա Չիլինգարյան, Կարինէ Մարալ Չիզմէճեան, Լարա Նարին, Թարա Տէմիրճիօղլու

Արտադրութիւն` Յանկարծ
Ընդհանուր Համակարգող` Լարա Նարին
Գործողութիւն` Եղիա Ագկիւն , Սեւատա Խաչիկ Տէմիրճի , Անդրանիկ Քրիսթափոր Պաքըրճըօղլու , Պարէտ Չիլ

Շնորհակալութիւն`
Տինաքորտ Ելեկտրոնիկ,
Պիլկի Համալսարան Հաղորդակցութեան Բաժանմունք,
«Իսթոս» հրտարակչութիւն, «Արաս» հրտարակչութիւն, «Չըփլաք Այաքլար» պարախումբ, Քարկա-
Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Վարժարան,
Ֆէրիգիւղի Սանուց Միութիւն, Կեդրոնական Սանուց Միութիւն,
Արամեան Սանուց Միութիւն,