«յանկարծ»
2018ին թատրոնի համաշխարհային օրուայ առթիւ ճամբայ ելնող Պոլսեցի «յանկարծ» անկախ թատերախումբը, իր առաջին թատրերգութիւնը «Մեր չունեցածը իրարմով գտնենք»ով իր համաշխարհային փրէմիէրը ներկայացուց Սերպիայի Նովի Սատ քաղաքը տեղի ունեցած «Սիներժի» միջազգային թատերական փառատօնին: Նոյն խաղով մինջեւ համավարակի պայմաններուն բեմ բարձրացաւ Պոլիսի կարեւոր թատերական վայրերուն՝ Moda Sahnesi, Bomontiada Performance Stage, Theatre Bereze, Theatron եւ Tatavla Sahne:
2021 թուականին, «յանկարծ»ը Զաւէն Պիպեռեանի ծննդեան հարիւրամեակը ձօնեց իր «Գանձը» պատմութիւնը տիժիթալ թատրոնի ուսումնասիրութեամբ վերաքննելլով եւ թատերախումբի կայքէջէն հանդիսատեսներու մատչելի դարձելով։
Խումբին հիմնադիր անդամները՝ Կարինէ Մարալ Չիզմէճեան, Լարա Նարին, Թարա Տէմիրճիօղլու, Եղիա Աքկիւն Պոլիսի հայկական թատրոնի մաս կազմող աւանդական վարպետ-աշակերտ յարաբերութեամբ սկիզբ գործած թատերական ուսումները աքադեմական երդիքներու տակ յառաջացուցին։
Ստեղծագործական արկածը խումբի անդամներ՝ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Դիանա Չիլինգարյան, Մանէ Քօփար, Սեւատա Խաչիկ Տէմիրճիի հետ, հաւաքական արտադրութեան սկզբունքը ընդունելով շարունակող «յանկարծ» նպատակ ունի ապրեցնել Պոլսոյ մէջ երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հայկական մշակութային-արուեստական կեանքի շուրջ ստեղծած միջազգային գիտակցութիւնը։
Հայ թատրոնի եւ արեւմտահայերէնի ձայնը տարածող «յանկարծ»ը, կը ցանկայ գործել իբրեւ յիշեցուցիչ եւ ներազդակ ազատութեան, անկախութեան ու համերաշխութեան գաղափարներուն: «յանկարծ» անկախ թատրոնը գործնական դարձնելու եւ զօրացնելու համար կարող էք ընծայել ձեր աջակցութիւնը մեր “patreon” հաշիւէն՝ սեղմելով յղումին:

